image

Թուրքիոյ արտաքին պարտքը կը հասնի 234 միլիառ տոլարի

Թուրքիոյ արտաքին պարտքը  կը հասնի  234 միլիառ տոլարի

Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունը հրապարակած է երկրի միջազգային ներդրումային դիրքի վերաբերեալ 2018թ․ զեկոյց։

 

Ըստ այդմ՝ 2018թ․ ապրիլին նախորդ տարուայ նոյն ամսուայ համեմատ Թուրքիոյ արտաքին  պարտքը աւելցած են 0․5 տոկոսով՝ հասնելով 234 միլիառ տոլարի։ Իսկ արտաքին տնտեսական պարտաւորութիւնները նուազած են 3․8 տոկոսով՝ կազմելով 665․2 միլիառ տոլար։

 

Այսպիսով, Թուրքիոյ զուտ ներդրումային դիրքը 431․1 միլիառ տոլարի պակասորդ արձանագրած է։ Ներդրումային դիրքը կը հաշուարկուի ըստ արտաքին պարտքերու եւ արտաքին պարտաւորութիւններու տարբերութեան: Վերոնշեալ պակասորդը 2017թ․ վերջին դրութեամբ  կազմած էր 458․7 միլիառ տոլար։