Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի (ՀՑԹԻ) հաւաքածուն համալրուեցաւ շուրջ քսան հազուագիւտ փաստաթուղթերով եւ աւելի քան 130 բացառիկ բնօրինակ լուսանկարներով, որոնք կ՛առնչուին 1920 թ. Այնթապի հայութեան հերոսական դիմադրութեան:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն, լուսանկարները կը ներկայացնեն ինքնապաշտպանական մարտերու դրուագներ, պաշտպանական ամրութիւններու կառուցման տեսարաններ, ինչպէս նաեւ հերոսամարտի մասնակիցներ:
Այս բացառիկ նուիրատուութիւնը կատարած է Լոս Անճելըս բնակող մեր հայրենակից Յարութ Եաղսըզեանը: