image

Երուսաղէմի Պատրիարքութեան դիւանապետը Սփիւռքի նախարարութիւն այցելեց

Երուսաղէմի Պատրիարքութեան դիւանապետը Սփիւռքի նախարարութիւն այցելեց

18 Յուլիսին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ, Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի տնօրէն Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեանը:

Ողջունելով հիւրը` նախարար Հայրապետեան վստահութիւն յայտնեց, որ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի հետ համագործակցութիւնը առաւել կը սերտանայ եւ կ’ամրապնդուի:

Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս տարի կը լրանայ Սուրբ Յակոբեանց տպարանի 185, Ժառանգաւորաց վարժարանի 170 եւ Արարայի ճակատամարտի 100-ամեակը, որոնց նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներ պիտի  կազմակերպուին: Դիւանապետը նաեւ ընդգծեց, որ պատրիարքարանի արխիւները կը թուայնացուին:

Խօսելով Երուսաղէմի հայկական համայնքին մասին` Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան նշեց, որ հայերն այնտեղ ապրած են վաղնջական ժամանակներէն, սակայն մեծաթիւ հայեր նաեւ հաստատուած են Ցեղասպանութենէն եւ ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն ետք :