image

Սփիւռքի Նախարարն ընդունեց Հրանդ Տինքի անուան հայկական վարժարանի տնօրէն Հերիքնազ Աւագեանը

Սփիւռքի Նախարարն ընդունեց Հրանդ Տինքի անուան հայկական վարժարանի տնօրէն Հերիքնազ Աւագեանը

16 Յուլիսին Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Պոլսոյ  մէջ գործող Հրանդ Տինքի անուան հայկական վարժարանի տնօրէն Հերիքնազ Աւագեանը եւ դպրոցի  քանի մը ուսուցիչներ:

Տնօրէնը մանրամասն ներկայացուց դպրոցի գործունէութիւնը եւ նշեց, որ աշխատակիցներու նուիրուածութիւնն այնքան մեծ է, որ տարիէ տարի աշակերտներու թիւը կը շատնայ. արդէն ունին 145-150 աշակերտ: Վարժարանը Սփիւռքի նախարարութենէն կը ստանայ դասագիրքեր, ուսումնամեթոդական եւ կրթական  նիւթեր, ուսումնական ուղեցոյցներ, իսկ ուսուցիչները կը  մասնակցին վերապատրաստման դասընթացներու:

Դպրոցի տնօրէնը նշեց, որ Պոլիս  ապրող մեր հայրենակիցները մեծ յոյսեր կը կապեն նոր Հայաստանի հետ, եւ համոզուած են, որ կարճ ժամանակահատուածի մէջ Հայաստան կը դառնայ զարգացած եւ հզօր պետութիւն:

Ի պատասխան Մխիթար Հայրապետեան ըսաւ, որ հայապահպանութեան հետ կապուած Սփիւռքի նախարարութիւնը մեծ ընելիքներ ունի, եւ այդ ուղղութեամբ կառավարութեան հետ միասին կը տարուին ամէնօրեայ կառուցողական աշխատանքներ: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն, եւ խոստացաւ, որ Պոլիս այցի ժամանակ մեծագոյն սիրով կ’այցելէ Հրանդ Տինքի անուան հայկական վարժարան: