image
Հրատապ լուրեր:

Շիրակի թեմի առաջնորդը հիւանդանոց փոխադրուած է

Շիրակի թեմի առաջնորդը հիւանդանոց փոխադրուած է

Արդէն մէկ շաբաթ է՝ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպիսկոպոս Աջապահեանը կը գտնուի հիւանդանոցին մէջ: Այս մասին SHANTNEWS.AM-ին տեղեկացուցած է Շիրակի թեմի առաջնորդի քարտուղար Արմէն սարկաւագ Իսահակեանը:

Ան նշած է, որ երկար ժամանակ է՝ թեմի առաջնորդն  առողջական խնդիրներ կ'ունենայ: Մէկ տարի առաջ «Գիւմրի» բժշկական կեդրոնէն ներս սիրտը սթենտաւորած են, այժմ ալ երիկամներու հետ խնդիրներ ունի: Մէկ շաբաթ առաջ Միքայէլ Աջապահեանի ինքնազգացողութիւնը վատացած է եւ անոր տեղափոխած են Երեւանի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոն:

Այժմ Սրբազանը կը  բուժուի, որմէ ետք պիտի վիրահատուի: