image

«Զամզամ» ջուր արտահանելուն դէմ արգելք

«Զամզամ» ջուր արտահանելուն դէմ արգելք

Ալճերիոյ մէջ ուխտագնացութեան ազգային դիւանը որոշում հրապարակած է, համաձայն որուն կարգ սահմանած է Սէուտական Արաբիայէն Ալճէրիա «Զամզամ» ջուր տեղափոխելու համար, կը գրէ «Ալ Ժատիտ լրատուական կայքը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, Սէուտական Արաբիայէն վերադարձող ալժերացի ուխտաւորներն իրենց հետ բերելիք «Զամզամ» ջուրը պարտին առանձին բեռնատար օդանաւով ուղարկել, այնուհետեւ Ալճերիա հասնելով օդակայանէն ստանալ այն:
Ազգային դիւանին համաձայն, կայացուած որոշման նպատակը «Զամզամ» ջուրի ներմուծումը կարգաւորելն է:
Որոշումը բողոքի ալիք բարձրացուցած է ուխտագնացներու մօտ, որովհետեւ կը սահմանափակէ երկիր տեղափախուելիք «Զամզամ» ջուրի չափը, իւրաքանչիւր ուխտաւորի արտօնելով միայն 5 լիթրանոց 1 շիշ բերել իր հետ:
Վերջիններուս պնդմամբ, յիշեալ քանակը բաւարար չէ օրհնուած ջուրը բոլոր ազգականներուն եւ բարեկամներուն բաժնելու համար: