image
Հրատապ լուրեր:

Մահմետական զոյգ մը զրկուած է Զուիցերիոյ քաղաքացութենէն

Մահմետական զոյգ մը զրկուած է Զուիցերիոյ քաղաքացութենէն

Զուիցերիոյ քաղաքացութիւն ստանալու համար հարցազրոյցի ներկայացած իսլամ ամուսիններու քաղաքացութիւն ստանալու դիմումը մերժուած է այն բանին համար, որ վերջիններս մերժած են հակառակ սեռի ներկայացուցիչներու հետ ձեռնուիլ: Այս մասին, ըստ «BBC» լրատուական կայքին, յայտնած են Զուիցերիոյ իրաւասու մարմինները:

Վերջիններուս պնդմամբ, իսլամ զոյգը չէ յաջողած ներգրաւուիլ զուիցերական հասարակութեան մէջ եւ յարգել սեռական հաւասարութեան օրէնքը:
Աղբիւին փոխանցմամբ, հարցազրոյցը տեղի ունեցած է ամիսներ առաջ, որուն ընթացքին ամուսինները դժկամութեամբ կը պատասխանէին հակառակ սեռի վերաբերեալ ուղղուած հարցերուն:


Զուիցերիոյ իրաւասու մարմինները յայտնած են, որ իրենց քաղաքացիները պարտաւոր են ներգրաւուիլ զուիցերական հասարակութեան մէջ, միաժամանակ յարգելով երկրի կարգն ու կանոնը: