image

Հրաչ եւ Լիա Ճապրայաններ բախտաւորուած են մանչ զաւակով մը՝ Մոնթէ-Դրօ

Հրաչ եւ Լիա Ճապրայաններ բախտաւորուած են մանչ զաւակով մը՝ Մոնթէ-Դրօ

Գանատահայ Ճապրայեան ամոլը  բախտաւորուած է մանչ զաւակով մը՝ Մոնթէ-Դրօ:

Հայաստանի անկախացման օրը ծնած եւ երկու մեծ հերոսներու անունը կրող  Մոնթէ-Դրօն կը դառնայ Ճապրայեաններու երրորդ զաւակը:

Յիշեցնենք, որ Պէյրութահայ Հրաչ  Ճապրայեան, որ երկար ժամանակէ ի վեր  հաստատուած է Գանատայի Թորոնթօ քաղաքը վերջին տարիներուն որպէս գործարար կ'ապրէր  եւ կը գործէր հայրենի Ղափան քաղաքին  մէջ:

Ան տարբեր ոլորտներու մէջ մասնակցած է հայրենաշինութեան աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ որպէս բարերար իր նեցուկը ցոյց տուած մասնակից դառնալով  ազգանուէր ծառայութեանց: