image
Հրատապ լուրեր:

Նախարար Հայրապետեան այցելեց Հալէպի նահանգապետարան

Նախարար Հայրապետեան այցելեց Հալէպի նահանգապետարան

Հալէպ ժամանած  ՀՀ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, այցելութիւն տուած է Հալէպի նահանգապետարան եւ ընդունուած Հալէպի նահանգապետ Հիւսէյն Տիապին կողմէ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկման առարկայ դարձած են Հալէպ քաղաքի յետպատերազմեան ընդհանուր իրավիճակն ու այսօր առկայ դրութիւնը։

Նահանգապետ Տիապ, որ այս առթիւ շնորհաւորած է հայութիւնն ու Հայաստանը երկրի անկախութեան տօնին կապակցութեամբ  նշած  է, որ հայերը կարեւոր եւ հիմնական բաղկացուցիչն են սուրիական հայրենիքին։ Ան նաեւ իր հիւրին  վստահեցուցած է, որ Սուրիան շնորհիւ իր ղեկավարութեան եւ բանակին  յաջողած է դուրս գալ  դժուարին  տագնապէն ու այսօր երկիրը մտած է աւելի բախտորոշ եւ լաւատեսական շեշտեր  պարունակող   փուլ մը։

Իր  կարգին նախարար  Մխիթարեան շնորհակալութիւն յայտնած  է Սուրիոյ մէջ հայերու հանդէպ առկայ յարգանքին եւ հոգածութեան, որուն արմատները կ՚երթան մինչեւ անցեալ դարու սկիզբները,  վստահեցնելով նաեւ, որ երկու  երկիրներուն միջեւ առկայ կապերը աւելիով պիտի զարգանան։

Նշենք, որ նախարար Մխիթարեանի կողքին այս հանդիպման ներկայ եղած են Սուրիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Դոկտ. Արշակ Փօլատեան, Հալէպի մէջ ՀՀ հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի հայ անդամ Ժիրայր Ռէիսեան։