image

Ապաքինման մաղթանք Տ. Շիրվան Քահանային

Ապաքինման մաղթանք  Տ. Շիրվան Քահանային

Պոլսոյ  երիտասարդ   քահանայ  հայրերէն  Տ. Շիրվան  քահանայ  Միւրզեան   այսօր  վիրաբուժութեան  ենթարկուած է։  Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Պոլսոյ իր աղբիւրներէն։  Մեր աղբիւրին փոխանցմամբ     քահանայ հօր  վիրաբուժութիւնը  անցած է բաւական  յաջող  եւ ան  շրջան մը պիտի մնայ    բժիշկներու  վերահսկողութեան  տակ։

 

 Յիշեցնենք,  որ  համայնքային կեանքին մէջ     երեւելի  աշխուժութիւն ցուցաբերող   տէր    Շիրվան  քահանան        կարեւոր  ներդրում ունի  քրիստոնէական   ուսմունքն ու աւետարանի  խօսքը  թրքախօս հանրութեան  հասցընելու տեսակէտէն։  Ան նաեւ  կրօնի  դասապահեր  կը   մատուցէ   Պոլսոյ  «Հրանդ Տինք»ի անուան       ամէնօրեայ  վարժարանին մէջ, մեծ  խանդավառութիւն ստեղծելով        Պոլսիս հաստատուած    հայաստանցի աշակերտներու շրջանակներուն մօտ։