image

Վաչէ Ծատուրեան նշանակուած է Կրթութեան եւ Մշակոյթի Ախոյեաններու ցանցի անդամ

Վաչէ Ծատուրեան նշանակուած է Կրթութեան եւ Մշակոյթի Ախոյեաններու ցանցի անդամ

Ինչպէս ծանօթ է, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն ի գործ դրած է «2020 ողիմպիական օրակարգ» մը, որուն հիմնական նպատակներէն է` ողիմպիական արժէքներու ուսուցումն ու փոխանցումը երիտասարդ սերունդներուն` մշակոյթի ու կրթութեան ճամբով:

Սոյն ծրագիրի յաջողութեան համար, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն իր վերջին ժողովին որոշեց ստեղծել «կրթութեան եւ մշակոյթի ախոյեաններու ցանց» մը, որ պիտի բաղկանայ ազգային ողիմպիական կոմիտէներու մէջ ներդրում ունեցած անձերէ, որոնց աշխատանքի առանցքը մշակոյթն ու կրթութիւնն է:

Այս առումով, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն նշանակեց Վաչէ Ծատուրեանը վերոնշեալ ցանցի անդամ` նկատի ունենալով անոր փորձառութիւնը կրթութեան մարզին մէջ:

Նշենք, որ, Վաչէ Ծատուրեան նախագահն էր Լիբանանի պատուիրակութեան, որ անցեալ շաբաթ մասնակցեցաւ Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի ունեցող երիտասարդներու ողիմպիական խաղերուն:

Ան նաեւ Լիբանանի ողիմպիական ակադեմիայի տնօրէնն է:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն