image

Վարդարանի օրհնութիւն եւ հաւաքական աղօթք Մեսրոպեանի մէջ

Վարդարանի օրհնութիւն եւ հաւաքական աղօթք Մեսրոպեանի մէջ

19 Հոկտեմբեր 2018-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներ միացան աշխարհի չորս ծագերուն սփռուած իրենց մէկ միլիոն հասակակիցներուն, աղօթելու համար Տիրամօր Վարդարանը:

Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կայացած հաւաքին, Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ Տէր Ռաֆֆի քհնյ.  Յովհաննէսեան կատարեց Վարդարաններու օրհնութիւն եւ բացատրեց զայն աղօթելու կերպը. հաւաքին մասնակցող Գ.-Զ. դասարաններու մօտ 200 աշակերտներէն իւրաքանչիւրը  ստացաւ իր Վարդարանը: Անոնք խմբովին կատարեցին աւետարանական այս աղօթքը, որ կը ներկայացնէ Սուրբ Կոյսի կեանքին հանգրուանները` Յիսուսին հետ:

Տէր Ռաֆֆի քահանան աշակերտներուն բացատրեց Վարդարանը աղօթելու կերպը, անոր իմաստն ու խորհուրդները, ինչպէս նաեւ անոր նշանակութիւնը` հաւատացեալ քրիստոնեայի կեանքին մէջ: Ան ըսաւ, որ մշտապէս աղօթելով,  քրիստոնեայ մարդը ի վիճակի կը դառնայ  խորանալու Վարդարանի իւրաքանչիւր խորհուրդին մէջ` հետզհետէ աճող երկիւղածութեամբ եւ ակնածանքով: Քահանայ հայրը դիտել տուաւ, որ Վարդարանը հզօր աղօթք մըն է, որուն ընդմէջէն կը հաղորդուինք Տիրոջ` հաւատքի մեր ամբողջ ճանապարհորդութեան  ընթացքին: Ան խորհուրդ տուաւ աղօթել Վարդարանը` ինչպէս անհատապէս, նոյնպէս եւ հաւաքաբար, յատկապէս ընտանիքներուն մէջ:

 

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի