image

Սուրիոյ կառավարութիւնը կը պատրաստուի հրապարակել նոր 5000-նոց թղթադրամ

Սուրիոյ կառավարութիւնը կը պատրաստուի հրապարակել նոր 5000-նոց թղթադրամ

Սուրիոյ կառավարութեան մօտիկ կանգնած աղբիւրներ յայտնած են, որ կառավարութիւնը կը պատրաստուի հրապարակել նոր 5000-նոց թղթադրամներ:

Այս մասին խօսած է նաեւ Սուրիոյ դրամական խնդիրներու յանձնաժողովի պետ Ապէտ Ֆատլիէ, որ նաեւ ըսած է, որ եթէ կառավարութիւնը այդպիսի քայլ կատարէ, ապա այդ մէկը կը բխի միայն քաղաքացիներու շահերէն եւ անշուշտ կառավարութիւնը նպատակ ունի հեշտացնել Սուրիոյ քաղաքացիներու գործը:

Իր կարգին աուրիացի տնտեսագէտ Ռաշա Սերոբ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով, ըսած է, որ հինգ հազար թղթադրամի հրապարակումը կարիք ունի կառավարական օրէնքներու փոփոխութեան եւ քննարկումի:

Նոյն առումով եւ ըստ «Սուրիա Սնաք» կայքին, կառավարութիւնը արդէն իսկ պատրաստած է 5000-նոց թղթադրամը հրապարակելու ծրագիրը, սակայն այսպիսի յայտարարութիւններով կը փորձէ հասկնալ Սուրիոյ հանրութեան հակազդեցութիւնը:

Յիշեցնենք, որ սուրիական թղթադրամներու ցուցակի 50-նոց թղթադրամը գրեթէ վերացած է շուկաներէն եւ հաւասարակշռելու համար ելեւմտական շուկան, Սուրիոյ կառավարութիւնը պիտի հրապարակէ 5000-նոց թղթադրամներ: