Լիբանանահայ երիտասարդ մը այսօր զոհ գացած է ծանր պատահարի մը։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։ Մեր աղբիւրը յայտնեց, որ Յարութ Յուսիկեան անունով երիտասարդը նկատելով, որ կլիմայական պայմանները կը վատանան դուրս եկած է Պուրճ Համուտ շրջանի գտնուող (9-րդ յարկ) իր տան պատշգամը, ամրացնելու եւ փակելու համար վարագոյրները։ Ապա սայթաքելով վար ինկած ու մահացած է։
Դէպքի վայր հասած են շրջանի ոստիկաններն ու արագ բուժօգնութեան մարմինները, ինչպէս նաեւ դէպքին շուրջ բացուած է քննութիւն։
Յարութ իր շրջապատին կողմէ սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն էր եւ կը զբաղուէր կանանց վարսայարդարի ասպարէզով։
Յիշեցնենք, որ այսօր Լիբանանի մէջ տիրած է կլիմայական բարդ իրավիճակ, իսկ քամիներուն ու փոթորիկներուն յաջորդած է հեղեղային անձրեւներ, որոնց պատճառով մեծ վնասներ գրանցուած են երկրի տարբեր հատուածներուն եւ յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ: