image
Հրատապ լուրեր:

Տխուր լուր Պէյրութէն. Արկածի պատճառով մահացած է Սագօ Ազնաւուրեանը

Տխուր լուր  Պէյրութէն. Արկածի  պատճառով  մահացած է Սագօ Ազնաւուրեանը

Տխուր լուր մը ստացանք Պէյրութէն։ Արկածի հետեւանքով իր մահկանացուն կնքած է Պէյրութահայ երիտասարդ  Սագօ Ազնաւուրեանը։

 

«Արեւելք»ի տիրապետած տեղեկութիւններով Սագօն մահացած է, երբ արագ անցնող ինքնաշարժ մը դպած է անոր ինքնաթիռին (Մոթորսայքըլ), որուն  պատճառով ալ  ան գետին  իյնալով տեղւոյն վրայ մահացած է։

 

Նշենք, որ հայ  երիտասարդը ամէնշաբաթեայ դրութեամբ կը մասնակցէր «Պայք-ռայտ»ի եւ  կը գլխաւորէ տասնեակ ինքնաթիռներով  պտոյտ կատարող  խումբը։

Սագօն ամուսնացած էր եւ հայր երկու զաւակներու։ Ան կը զբաղուէր  ոսկերչութեամբ, վայելելով Պուրճ Համուտի եւ առհասարակ Պէյրութի իր լայն  շրջանակին սէրն ու համակրանքը։