image

Ազնաւուրի հասցէին նախատինք հնչեցնելէ ետք՝ Նաթալի Մազէ կը վտարուի «Ֆրանս Պլու» ձայնասփիւռէն

Ազնաւուրի հասցէին նախատինք հնչեցնելէ ետք՝ Նաթալի Մազէ կը վտարուի «Ֆրանս Պլու» ձայնասփիւռէն

«Ֆրանս Պլու» ձայնասփիւռի Վոքլիւզի շրջանի աշխատակից Նաթալի Մազէ, Շաrլ Ազնաւուրի մահուան օրը ընկերային ցանցերու վրայ իր գայթակղեցուցիչ արտայայտութիւններով ուշադրութիւն գրաւած էր: Լրագրողուհին, աշխարհահռչակ երգիչի մահուան առթիւ գրած էր. «Ազնաւուր՝ սեռային խտրականութեան ջատագով, աջակողմեան ցեղապաշտ. ազատեցանք» («Aznavour sexiste, raciste de droite, bon débarras »): Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ»ը:


Այս միջադէպէն ետք Հարաւային Ֆրանսայի CCAF-ը բողոքի նամակ մը յղած էր ձայնասփիւռին, որ այժմ պատասխանած է: «Ֆրանս Պլու»-ի նամակին մէջ կ՚ըսուի, թէ Նաթալի Մազէ վտարուած է ձայնասփիւռէն: