Լոս Անջելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է երիտասարդ բժշկուհի Հուրի Աշճեանը։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի բարեկամներէն։
Պէյրութ ծնած Հուրին դուստրն էր ուրֆացի հօր՝ Ճօճօ Աշճեանին եւ քեսապցի մօր Մարօ Թիթիզեանին: Լիբանանի մէջ յաճախած է Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարան, ապա Եղիշէ Մանուկեան վարժարանէն շրջանաւարտ եղած է: 16 տարեկանին Աշճեաններու ընտանիքը գաղթած է Գալիֆորնիա։ ԱՄՆ-ի մէջ Հուրին բարձրագոյն ուսում ստացած է Գալիֆորնիոյ, Գոլորատոյի և Արիզոնայի նահանգներուն մէջ: Շրջանաւարտ եղած է Midwestern University Արիզոնայէն (2014) ստանալով բժշկական վկայականը, դառնալով մասնագէտ ներքին օրկաններու: 2015-էն ի վեր կը տառապէր հազուագիւտ քաղցկեղէ մը՝ liomyosarcoma. Յաջող ու փայլուն ապագայ մը կը սպասէր իրեն, որ պիտի կարենար իրականացնել իր բոլոր երազները: Հուրիկը մնաց միշտ համեստ, իր տարիքէն աւելի հասուն անձնաւորութիւն, որ իր մտային վառ կարողութեամբ կը հմայէր բոլոր զինք ճանչցողները: Իր մահկանացուն կնքեց ուրբաթ, 9 նոյեմբերին, Արիզոնայի մէջ, 34 տարեկան հասակին։