image

Սուրիա կ'ողջունէ արաբական երկիրներու դեսպանատուներու վերաբացումը

Սուրիա կ'ողջունէ արաբական երկիրներու դեսպանատուներու վերաբացումը

Պաշտօնական Դամասկոս յայտարարութիւններ կատարած է Սուրիոյ մէջ արաբական կարգ մը երկիրներու դեսպանատուներու վերաբացման առընթեր:

Այս մասին յատկապէս անդրադարձած է Սուրիոյ Արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ, որ մասնաւորապէս խօսած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Դամասկոսի մէջ իրենց դեսպանատան վերաբացման միտումներու մասին:

Մըքտատ ըսած է, որ իրենք կ'ողջունեն նման քայլ մը եւ այդ մէկը կը համարեն շատ բնական, յատկապէս, որ Դամասկոս վերագտած է իր երբեմնի խաղաղութիւնն ու անդորրը:

Նշենք, որ տարբեր լրատուական գործակալութիւններ աւելի վաղ լուրեր տարածած էին, որ կարգ մը արաբական երկիրներ եւ յատկապէս Արաբական Միացեալ էմիրութիւնները կը պատրաստուին իրենց դեսպանատուները բանալ Դամասկոսի մէջ: