image

Ֆրանսայի «Հայաստան» հիմնադրամի «Ֆոնեթոն 2018»-ին հանգանակուեցաւ 1,24 միլիոն եւրօ

Ֆրանսայի «Հայաստան» հիմնադրամի «Ֆոնեթոն 2018»-ին հանգանակուեցաւ 1,24 միլիոն  եւրօ

Ֆրանսայի «Հայաստան» հիմնադրամի՝ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ աղէտահար բնակիչներու օգնութեան համար կազմակերպած «Ֆոնեթոն 2018»-ը վերջ գտաւ Նոյեմբեր 18-ին:
Վեց հարիւր կամաւորներու հեռաձայնային կանչերուն շնորհիւ՝ Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Յունաստանէն եւ Զուիցերիայէն հանգանակուեցաւ 1,24 միլիոն եւրօ, նուիրատւութեան խոստումի ձեւով: Ասիկա 1% աւելի է քան նախորդ տարի հանգանակուածը: Նուէրներու 1,14 միլիոնը կու գայ Ֆրանսայէն (+2%՝ բաղդատմամբ անցեալ տարուան):
Այս տարի 700 նորեր միացած են նախորդ տարիներու նուիրատուներուն, 2018-ի Ֆոնեթոնի նուիրատուներու ընդհանուր թիւը հասցնելով 10.000-ի:
Հանգանակուած գումարները պիտի տրամադրուին գլխաւոր երեք նպատակներու.- Տաւուշի (Հայաստան) սահմանային շրջանի գիւղերուն մէջ գիւղատնտեսական ծրագրերու զարգացման. Մարտունիի (Արցախ) շրջանի բնակարաններու եւ պետական շէնքերու (վարժարան, բուժարան, քաղաքապետարան…) սարքաւորման, Հալէպի հայ բնակչութեան օժանդակութեան:

Այժմ, Ֆոնեթոնը վերջացած է, բայց կարելի է դեռ նուիրատւութիւն կատարել Հիմնադրամի կայքէջին միջոցաւ՝ www.fondsarmenien.org կամ հեռաձայնելով՝ 0810 24 24 24 թիւին (տեղական հաղորդակցութեան սակով), մինչեւ 2019 Յունուար 15:

 

Լուրը՝ «Նոր Յառաջ»էն