image

Ֆրանսահայ բժշկուհին վարձատրուած է Փարիզեան շրջանի «Զօրակցութեան մրցանակ»-ով

Ֆրանսահայ բժշկուհին  վարձատրուած է Փարիզեան շրջանի «Զօրակցութեան մրցանակ»-ով

Փարիզեան շրջանը այս տարի առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպած էր «Ֆրանսայի իգականը» («Elle de France») մրցանակաբաշխութիւնը: 14 Նոյեմբերին, Փարիզի Պրանլի քարափի թանգարանին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան՝ վարձատրուեցան վեց կիներ, որոնց մրցանակները անձամբ յանձնեց Փարիզեան շրջանի խորհուրդի նախագահուհի Վալերի Փեքրես: Աուա Պա եւ Էլիզ Պօղոսեան միասնանաբար արժանի նկատուեցան «Զօրակցութեան մրցանակ»-ին, որու նպատակն էր մեծարել փարիզեան շրջանի այն կիները, որոնք ջանք չեն խնայեր, որ ընկերային համերաշխութիւնը աւելի լայն շրջանակներու վրայ տարածուի, նաեւ՝ որպէսզի «ուրիշ»-ը (autrui) յաջողի եւ յարգուի:

Էլիզ Պօղոսեան չինական բժշկութեան մէջ մասնագիտացած բժշկուհի մըն է, որ 2002-ին Հայաստանի մէջ ծաւալած իր գործունէութեամբ սկսած է մարդասիրական առաքելութիւնը: Այնուհետեւ ան հիմնած է EliseCare ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնը, որ ունի բժշկական սարքերով եւ բոլոր յարմարութիւններով օժտուած հինգ հանրակառք, ինչպէս նաեւ երկու բժշկարան, որոնք բժշակական խնամք կը մատուցեն Սուրիոյ եւ Իրաքեան Քիւրտիստանի հակամարտութեան գօտիներու մօտակայ շրջաններուն մէջ:

2018 Յունիսին EliseCare Սէն եւ Մառն նահանգին (Փարիզեան շրջան) մէջ հիւրընկալեց Իրաքէն 11-13 տարեկան 25 երախաներ՝ բոլորն ալ եզիտիներ կամ Արեւելքի քրիստոնեաներ, որոնք ճողոպրած էին Տահէշ-ի ճիրաններէն:

Իր այս բոլոր անձնուիրութիւններուն եւ յանձն առած առաքելութիւններուն համար է, որ Էլիզ Պօղոսեան վերոնշեալ մրցանակին արժանի նկատուած է:

 

Լուրը՝ «Նոր Յառաջ»էն