image

Հալէպ. Տօնական ցուցահանդէս հովանաւորութեամբ ՝Վեր. Յարութիւն Սէլիմեանի

Հալէպ. Տօնական    ցուցահանդէս  հովանաւորութեամբ   ՝Վեր. Յարութիւն Սէլիմեանի

Երէկ, 18 նոյեմբերին, Հալէպի մէջ, հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ աւետարանական  եկեղեցւոյ նախագահ՝ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանի, տեղի ունեցած է Սուրբ Ծննդեան նուիրուած ցուցահանդէս-պազարի բացում:

Ցուցահանդէսը իրականացուած է Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցւոյ սրահէն ներս, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են մեծ թիւով հայ ձեռներեց կանայք:

Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է նախախնամութեան, այս ցուցահանդէսի իրականացումը  հնարաւոր դարձնալու համար, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատած է Եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձանխումբի անդամներու աշխատանքը, որոնք ջանք չէին խանյած այս ձեռնարկը յաջողցնելու համար:

Ցուցահանդէսին ներկայ եղած են բարեգործական, մշակութային եւ կրթական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիներ, ինչպէս նաեւ հալէպահայ համայնքի անդամներ: