image

Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան ընկերակցութեան ողջերթի երեկոն՝ նուիրուած դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին

Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան ընկերակցութեան ողջերթի երեկոն՝ նուիրուած դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին

Լիբանան-Հայաստան Բարեկամութեան Ընկերակցութիւնը (LAFA), Երեքշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2018-ին, «Le Royal Dbayeh» պանդոկին մէջ, ի պատիւ Տէր եւ Տիկ. Սամուէլ եւ Իզապէլ Մկրտչեաններու, կազմակերպեց պաշտօնական ողջերթի ընթրիք մը:

Ձերնարկին ներկայ էին ընկերակցութեան անդամներ, դեսպանատան անձնակազմը, ինչպէս նաեւ ընկերակցութեան մօտիկ բարեկամներ:

Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ ընկերակցութեան վարչական անդամ տիկին Միրա Եարտըմեան, որ բարձր գնահատեց դեսպանին գործունէութիւնը հայ եւ լիբանանեան գաղութին մէջ, ինչպէս նաեւ կարեւոր դերը Հայաստան-Լիբանան կապերու հզօրացման եւ ամրապնդման:

Ապա խօսք առաւ ընկերակցութեան առաջին քարտուղար տիար Պօղոս Քիւրտեան, որ գոհունակութեամբ նշեց դեսպանին կատարած աշխատանքները դիւանագիտական, ընկերային եւ տնտեսական գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ իր աջակցութիւնը ընկերակցութեան ձեռնարկներուն եւ ծրագիրներուն:

Իր սրտի խօսքին մէջ, դեսպան Մկրտչեան խորապէս շնոր հակaլութիւն յայտնեց լիբանանահայ գաղութին իրեն նկատմամբ ցուցաբերած աջակ ցութեան եւ գործակցութեան համար: Ան յատկապէս շեշտեց լիբանանահայ գաղութին ունեցած դերը Սփիւռքի հայապահպանման աշխատանքներուն մէջ: Ան իր խօսքի աւարտին յայտնեց, որ պիտի փոխան ցէ LAFA-ի առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ իր կապերուն միջո ցաւ պիտի շարու նակէ ցուցաբերել իր զօրակցութիւնը ընկերակցութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն:

Ձեռնարկի աւարտին, ընկերակցութեան փոխատենապէտ Տոքթ. Փաուլօ Գազազեան յանձնեց միութեան վահանը դեսպան Մկրտչեանին, առ ի գնահատանք եւ երախտագիտութիւն անոր տարած աշխատանքներուն եւ լիբանանահայ գաղութին մէջ ծաւալած օրինակելի գործունէութեան համար: