Դամասկոսի մէջ, 18 դեկտեմբերին, իր մահկանացուն կնքած է դամասկահայ երիտասարդուհի՝ 39-ամեայ Նանիկ Գարեգինեանը: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:
Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի՝ 27 դեկտեմբերին, ժամը 12:30-ին, Կոնդի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ (Պռոշեան):