image

Ազրպէյճանի Քարտէսը՝ Առանց Լեռնային Ղարաբաղի

Ազրպէյճանի Քարտէսը՝ Առանց Լեռնային Ղարաբաղի

Պոլսոյ մէջ 4 Փետրուարին  Զբօսաշրջութեան համաշխարհային համախմբումի (World Tourism Forum) գլխաւոր նիստին  շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցած  նախարարներու հանդիպման  մասնակցած էին նաեւ Ազրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն ներկայացուցիչներ։

Թրքական «Սապահ» թերթի կայքին վրայ այս մասին տեղ գտած լուրին ընկերացած է ուշագրաւ լուսանկար մը: Միջոցառման ընթացքին առնուած լուսանկարին մէջ պատկերուած են մասնակից երկիրներու ներկայացուցիչ նախարարները, որոնց թիկունքին կ՛երեւի տուեալ երկրի քարտէսն ու դրօշակը: Լուսանկարին մէջ յստակօրէն կ'երեւի, որ Ազրպէյճանի քարտէզին մէջ ներառուած չէ Լեռնային Ղարաբաղը:

Այս հանգամանքը գրաւած է թերթի ընթերցողներուն ուշադրութիւնը, որոնք նիւթի մեկնաբանութիւններուն մէջ իրենց բողոքը արտայայտած են Ատրպէյճանի «աղաւաղուած» քարտէսին կապակցութեամբ:

Լուսանկարը նաեւ յառաջացուցած է ազրպէյճանցիներուն զայրոյթը, որմէ ետք թերթը իր կայքէն հեռացուցած է աղմկայարոյց այդ լուսանկարը:

 

Նիւթի աղբիւր՝ Asbarez