image

Զուիցերիոյ դատարանը մերժած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի տեղադրման դէմ բողոքը

Զուիցերիոյ դատարանը մերժած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի տեղադրման դէմ բողոքը

Զուիցերիոյ բարձրագոյն դատարանը մերժած է վերջերս Ժընեւի մէջ կանգնեցուած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշարձանի դէմ արտայայտուող Ժընեւի որոշ քաղաքացիներու բողոքը: «Արմէնբրես»ի փոխանցմամբ, այս մասին կը տեղեկացնէ զուիցերիական «Swissinfo»-ն:

Լրատուամիջոցը կը գրէ, որ Դաշնակցային դատարանը երէկ հրապարակուած որոշումով մերժած է բողոքը Ժընեւի որոշ բնակիչներու, որոնք կը նշէին, թէ «յուշարձանին կանգնեցումը կրնայ յանգեցնել անոր, որ այն  դառնայ ցոյցերու կամ նոյնիսկ տագնապներու վայր` հայ եւ թուրք համայնքներու ներկայացուցիչներուն միջեւ»:


Այս որոշումով վերջ պիտի դրուի յուշարձանին շուրջ երկար պատմութեան:
 Այն կանգնեցուած էր Ապրիլ 2018-ին` բանավէճերէ եւ յետաձգումներէ ետք:

Յուշարձանը ֆրանսահայ արուեստագէտ Մելիք Օհանեանի գործն է: