image

Հալէպի մէջ վախճանած է Տ. Եզնիկ Քհնյ. Զղջանեան

Հալէպի մէջ վախճանած է Տ. Եզնիկ Քհնյ. Զղջանեան

Հալէպի մէջ վախճանած է Տ. Եզնիկ Քհնյ. Զղջանեանը (Աւազանի անունով Անդրանիկ): Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն:

 

Արմատներով քիլիսցի Տ. Եզնիկ ծնած է Հալէպ, 1967-ին:

Մանկութենէն յաճախած է Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցի եւ եղած է դպիր։  1989-ին յաճախած է Անթիլիասի «Զարեհեան» դպրեվանք, ուր հետեւած է դպրեվանքի ընծայարանի դասընթացքներուն: 1992-ին վերադարձած է Հալէպ եւ ընտրուած Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրաց դասի վարչութեան անդամ։

1993ին նշանակուած է Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրապետ: Ան նաեւ որոշ շրջան մը Տէր Զօրի եւ Եագուպիէի մէջ հայերէն եւ կրօն դասաւանդած է։ 

 

Անոր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցած է ձեռամբ  Առաջնորդ Տ. Սուրէն Ս. Արք. Գաթարոյեանի, 9 Հոկտեմբեր 1997ին:

Քառասնօրեայ քահանայութեան շրջանը աւարտելէ ետք, նշանակուած է հոգեւոր հովիւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ։

 

Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, տէր հայրը մէկ ուսումնական տարեշրջան՝ 2000-2001 կ'ուղարկուի Գամիշլի կրօնական առաքելութեամբ։ Կը կազմակերպէ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դպրաց դասը, առաւել՝ կրօն կը դասաւանդէ Ազգ. Եփրատ վարժարանի եօթներորդ կարգին եւ օգտակար կը դառնայ տեղւոյն Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութեան։ շարական եւ կրօն ուսուցանելով։

 

Իր առաքելութիւնը աւարտելէ ետք, կը վերադառնայ Հալէպ եւ դարձեալ Հայկազեան վարժարանի աշակերտութեան կրօն կը դասաւանդէ մինչեւ 2004։

 

2004-2007 կրօն կը դասաւանդէ Ազգ. Զաւարեան վարժարանէն ներս, Թեմիս Առաջնորդ Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանի տնօրինումով։

 

2007ին, կարճ ժամանակ մը կը դասաւանդէ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի իններորդ կարգին։

 

2008ին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով կ'ուղարկուի Գամիշլի, կատարելու մարդահամարը Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ծխական ժողովուրդին։ Առաքելութիւնը աւարտելէ ետք կը վերադառնայ Հալէպ։

 

Իսկ 1998ին, Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Դանիէլ Ա. քհնյ. Գէորգեանի վախճանումէն ետք, ան ամրան շուրջ երեք ամիսները կը քահանայագործէ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, վերակազմակերպելով դպրաց դասը։

 

Աւելի քան ութ տարի, ամսական դրութեամբ եղած է Թէլ Ապիատի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ: