image

Ահաբեկիչներու կրակով զոհուած է Հալէպցի փոքրիկ մը

Ահաբեկիչներու  կրակով զոհուած  է Հալէպցի    փոքրիկ  մը

 Հալէպի   մէջ հերթական  տխուր դէպք   գրանցուած է։  Ահաբեկիչ  զինեալներու   կրակով   սպաննուած է  Թիմ  Զահպարանի անունով    փոքրիկ մը։

 Այս  մասին լուրը    հաղորդեց «Շապաքաթ ախպար  Հալապ»   դիմատետրի էջը,   որ նաեւ յայտնեց,  թէ  Թիմ  զոհ   գացած է   Հայ  Զահրա  շրջանին մէջ  տեղակայուած  ահաբեկիչ     արձակազէնի մը  փամփուշտներուն։

 

 Յիշեցնենք,  որ  Հալէպի   ազատագրումէն երկու  տարի  անձ ահաբեկիչ  զինեալներ կը շարունակեն իրենց  սեւ գործը, յաճախ  վախի   ու  սարսափի  մթնոլորտ  տարածելով Հալէպի  խաղաղ   բնակչութեան     թաղամասներուն մէջ։