image

ԱՄՆ ԱԳ նախարար Մայք Փոմփէօ այցելեց Երուսաղէմի հայկական վանք

ԱՄՆ ԱԳ նախարար Մայք Փոմփէօ այցելեց Երուսաղէմի հայկական վանք

ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօն Երուսաղէմի մէջ այցելած է Յարութեան տաճար եւ տաճարի հայկական մաս։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ  Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ, վարդապետ Կորիւն Պաղտասարեանը, ԱՄՆ պետքարտուղար Մայք Փոմփէօն  Յարութեան տաճարի Հայոց եկեղեցիին պատկանող Աստուածամօր ուշաթափման սրբավայրին մէջ մոմ վառած է:

«Այնուհետ Յարութեան տաճարի տեսուչ, Սամուէլ վարդապետ Աղոյեանը Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքի եւ Սրբոց Յակոբեան Միաբանութեան անունէն բարի գալուստ մաղթած եւ ներկայացուցած են Սուրբ երկրին մէջ հայկական ներկայութեան մասին։ Հայր Սուրբը մաղթած է, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու Փոմփէոյի ջանքերը յաջողութեամբ պսակուին եւ սուրբ երկրին մէջ բնակող բոլոր ազգերն ու կրօններու հետեւորդները ապրին խաղաղ ու բարգաւաճ միջավայրի մէջ»,–յայտնած է հայր Կորիւնը։