Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարութիւն մը տարածած է Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի վախճանման եւ նոր պատրիարքի ընտրութեան առնչութեամբ:
Յայտարարութեան մէջ յանձնախումբը իր վշտակցութիւնը կը յայտնէ պատրիարքի բարեկամներուն եւ Թուրքիոյ հայ համայնքին:
«Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը ուշադրութեամբ պիտի հետեւի նոր պատրիարքի ընտրութեան հոլովոյթին: Պատրիարք Մութաֆեանի հիւանդութեան ամբողջ ընթացքին թրքական իշխանութիւնները կ՛օգտագործէին ամէն առիթ` խոչընդոտելու ընտրական հոլովոյթը, պառակտելու հայկական համայնքն ու թոյլ չտալու գործադրել նոր պատրիարք ընտրելու իրենց իրաւունքը:
Պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի վախճանումէն ետք Էրտողանի վարչակարգը չի կրնար այլեւս յետաձգել ընտրութիւններու կազմակերպումը: Այսուհետեւ ընտրական հոլովոյթին մէջ թրքական իշխանութիւններու որեւէ միջամտութիւն անընդունելի է: Թուրքիոյ հայերը ազատ են` ընտրելու իրենց հոգեւոր առաջնորդը», ըսուած է Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ: