image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ պատերազմի առեւանգեալներուն մասին «Պիտի չմոռնանք..» խորագրով յատուկ տեսաֆիլմ (Տեսանիւթ)

Սուրիոյ պատերազմի առեւանգեալներուն մասին «Պիտի չմոռնանք..» խորագրով յատուկ տեսաֆիլմ (Տեսանիւթ)

Սուրիոյ նախագահութեան էջը կը հաղորդէ, որ երէկ Դամասկոսի նախագահական պալատին մէջ ցուցադրուած է Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով առեւանգուած եւ անհետացած զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն մասին նուիրուած « Պիտի չմոռնանք...» խորագրով յատուկ տեսաֆիլմ մը:

Տեսաֆիլմին մէջ հանրութեան կը ներկայացուի այդ քաղաքացիներուն եւ զինուորներուն ծնողներուն ապրած տառապանքը եւ ընդհանուր պատկեր մը կը ներկայացուի Սուրիոյ պատերազմի թէժ օրագրութենէն:

 Նշենք, որ ֆիլմի ցուցադրութեան ներկայ եղած է Սուրիոյ Առաջին տիկին Ասմաա Ասատը: