image

Երեւանի Համազգայինի թատրոնի փայլուն ելոյթները Պէյրութի մէջ

Երեւանի  Համազգայինի  թատրոնի   փայլուն ելոյթները Պէյրութի   մէջ

 

Թատրոնի միջազգային օրուան եւ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, արուեստագէտ, բեմադրիչ եւ դերասան Սօս Սարգսեանի ծննդեան 90-ամեակին առիթով Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին վարչութիւնը նախաձեռնեց եւ  Հայաստանէն հրաւիրեց  Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի պետական թատրոնը, որ 4-7 Ապրիլ` 4 երեկոներու ընթացքին լիբանանահայ հանդիսատեսին առիթ տուաւ վայելելու թատերական իւրայատուկ պահեր: 3 թատերախաղերով եւ մէկ յատուկ ծրագիրով` նուիրուած Կոմիտաս վարդապետի ու Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին, հայ թատրոնի մեծերէն Սօս Սարգսեանի անունը կրող թատերախումբին անդամները ապացուցեցին, որ տակաւին  կարելի է հարազատօրէն ապրիլ թատրոնը եւ զայն ապրեցնել արուեստասէրներուն սրտերուն ու հոգիներուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

 

«Արի՛ Երազենք»

Թատերախումբին առաջին ներկայացումը հինգշաբթի, 4 ապրիլին էր` ֆրանսացի թատերագիր, դերասան եւ բեմադրիչ Սաշա Կիթրիի «Արի՛ երազենք» կատակերգութեամբ, երկու արարով, որուն բեմադրիչն ու երաժշտութեան ձեւաւորողն է Ժիրայր Փափազեանը:

Մխիթար Աւետիսեանի, Նարինէ Գրիգորեանի, Արման Նաւասարդեանի եւ Նարեկ Բաղդասարեանի դերասանական հմտութեամբ հանդիսատեսին ներկայացուած թատերախաղը  սիրոյ մասին է, յատկապէս` այն մասին, թէ որքանո՛վ համադրելի են սէրը, հաւատարմութիւնն ու երջանկութիւնը:

Ֆրանսացի թատերագիրը, որ երիտասարդ տարիքէն բաւական հռչակ վայելած է արդէն, պատերազմի դաժան ու ծանր տարիներուն իսկ գրած է թեթեւ, անհոգ թատրերգութիւններ, որոնք թարմ շունչ բերած են փարիզեան բեմերուն: «Արի՛ երազենք»-ին հերոսները իրականութեան ծնունդ անհատներ են, անոնց երկխօսութիւնը անմիջական կեանքին պատկերներն են, որոնց մէջ կայ սիրոյ պատմութիւնը` շաղախուած անսահման կատակերգութեամբ:

Ընտանիքի ընկերոջ հրաւէրով ամուսինները ճիշդ ժամանակին կը հասնին հրաւիրողին տունը, սակայն ան հոն չ՛ըլլար: Դէպքերը ընթացք կ՛առնեն հոսկէ, մինչեւ տանտիրոջ յայտնուիլը` նոր նիւթեր ու կացութիւններ կը պատկերուին բեմին վրայ, զոյգին յարաբերութեան մէջ զգալի կը դառնայ այն, որ շատ ջերմ կապի մէջ չեն: Արդարեւ, անսպասելի չէ, որ դաւաճանութիւնը իր ուղին գտնէ, եւ ամուսինը դաւաճանէ կնոջ, որ իր կարգին կը դաւաճանէ ամուսինին` անոր ընկերոջ հետ: Զոյգերու միջեւ յարաբերութիւններու տարբեր դրսեւորումներ կը բեմադրուին թատրերգութեան ընթացքին` միշտ կատակերգական ոճով, պարուրուած հոգեբանական տարբեր վիճակներով, ներքին վերիվայրումներով, սիրոյ գաղափարի զանազան ընկալումներով:

«Յաղթանակի Ծննդոց» Թատերախաղը

Ուրբաթ, 5 ապրիլ 2019-ին երեկոյեան ժամը 8:30-ին  ներկայացուեցաւ Սառա Նալբանդեանի «Յաղթանակի ծննդոց» թատերախաղը` բեմադրութեամբ Նարինէ Գրիգորեանի:

«Յաղթանակի ծննդոց» ներկայացման երեք հերոսները հայ հանդիսատեսին հրամցուցին պատկեր մը, որուն դէպքերը կը ծաւալին 1990-ական թուականներուն:

Հայաստանի Համազգայինի թատերախումբի դերասանները իրենց բացառիկ տաղանդով ներկաները փոխադրեցին 1990-ական թուականներ, երեք տարբեր վայրեր` արցախեան ազատամարտի ամէնէն թէժ կէտերէն մէկը, սահմանամերձ գիւղ մը եւ ցուրտ Երեւան:

Թատերախաղի ընթացքին իրարմէ ֆիզիքապէս հեռու այս երեք վայրերուն մէջ ապրող երեխաները երկխօսութեան մէջ կը մտնեն, կը պատմեն իրենց ուրախ ու յուզիչ յիշատակները, նաեւ` իրենց կեանքի անկիւնադարձային դրուագները: Այս բոլորը որոշ չափով կը տարբերէին իւրաքանչիւր երեխայի մօտ, սակայն կար այս երեք երեխաները իրարու կապող հասարակաց կէտ մը, որ կ՛արձագանգէր իւրաքանչիւրի պատմութեան աւարտին: Այդ մէկը անոնց փոքրիկ յաղթանակն էր, արդարեւ, իւրաքանչիւր պատմութիւն փոքրիկ յաղթանակի մը արձանագրութիւնն է, յաղթանակ մը` թշնամիին յարձակումներու եւ անոնց ստեղծած մանկական փոքր աշխարհի սեփական վախերու դէմ:

«Յաղթանակի ծննդոց» թատերախաղի երեք հերոսները իրենց մանկական ոճով կարծես գծագրեցին ամբողջ հայ ազգի դարերու նպատակը` յաղթանակը, որ իւրաքանչիւր սերունդի հետ կտակի մը պէս կը փոխանցուի նոր սերունդին` անոր մէջ անմար պահելով կամքի ուժը:

Հայաստանի Համազգայինի թատերախումբը իր բացառիկ խաղարկութեամբ հարազատ կապ մը հաստատեց լիբանանահայ հանդիսատեսին հետ` թատերախաղի ընթացքին գործածելով արեւմտահայերէն եւ լիբանանահայութեան կողմէ յաճախ գործածուած բառեր:

«Յաղթանակի ծննդոց» թատերախաղին մէջ դեր ստանձնած են` Նարինէ Գրիգորեանը, Արման Նաւասարդեանը եւ Վարշամ Գէորգեանը: Բեմի ձեւաւորումը կատարուած է Վիքթորիա Ռիետօ-Յովհաննիսեանին կողմէ:

«Թռիչք Քաղաքի Վրայով» Թատերախաղը

Շաբաթ,  6 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Սօս Սարգսեան»-ի անուան Համազգային պետական թատրոնը ներկայացուց Անուշ Ասլիբեկեանի «Թռիչք քաղաքի վրայով» թատերախաղը, բեմադրութեամբ Նարինէ Գրիգորեանի, որ Սերգէյ Թովմասեանին հետ, երկու դերասաններէն էին այս բեմադրութեան:

Թատրերգութեան հերոսուհին դժբախտ արկածի մը պատճառով փոքր տարիքին կը կորսնցնէ տեսողութիւնը: Թատրերգութիւնը կը սկսի վիրահատութեան օրը` հերոսուհիին հակասական եւ ցաւագին միտքերով: Բեմի յարդարումը, լուսային ձեւաւորումը եւ ձայնային երեւոյթները առաջին պահէն իսկ հետաքրքրական եւ դրական ազդեցութիւն կը ձգեն հանդիսատեսին վրայ: Դերասանուհին ճկուն շարժումներով եւ ձայնի ելեւէջներով կը յաջողի հանդիսատեսին դիմաց բանալ իր ներաշխարհը: Հանդիսատեսը դիւրութեամբ կ՛ապրի, կը տեսնէ ու կը շօշափէ կոյր աղջկան ապրած հոգեվիճակները, զգացմունքները եւ մանաւանդ վախը` վաղուան անորոշութեան հանդէպ: Կոյր աղջկան միան յոյսը բժիշկն է` դերասան Սերգէյ Թովմասեանը, որուն միայն հաւասարակշռուած եւ ամոքիչ ձայնը կը լսուի առաջին արարին մէջ աղջկան հետ խօսակցութեան ընթացքին: Ուշագրաւ էր բժիշկին ձայնային ելեւէջները եւ աղջկան համոզելու ու անոր հաւատք ներշնչելու կարողութիւնը: Աղջիկը մտավախութիւն ունի` պիտի կարենա՞յ արդեօք տեսնել, թէ աւելի լաւ է մնալ իր ներքին աշխարհին մէջ, ուր ապրած է գրեթէ քսան տարի:

Հերոսուհին տարիներու ընթացքին իր ներքին աշխարհը զարդարած է գեղեցիկ, բայց տարօրինակ գոյներով եւ հիմա անիկա լեցուն է առարկաներով, որոնք կը շարժին եւ կը պարեն, գրաւիչ բոյրերով եւ ձայներով: Բայց այդ աշխարհի ամենակարեւոր բնակիչը իր բժիշկն է, որուն ան սիրահարած էր եւ քանի մը առիթներով` իր սէրը խոստովանած: Կոյր աղջկան առօրեայ զբաղումն էր պարաներով պատկերներ նկարել բեմի կպչուն վարագոյրին վրայ ու ապա յուսահատութեան պահուն զանոնք քանդել:

Երկրորդ արարը կը բացուի տան պատուհանի մը պատկերով, ուրկէ կ՛երեւի քաղաքը: Այս արարի ընթացքին նախկին ձայնային եւ լուսային երեւոյթներ չկան: Ներկայ է բժիշկը անձնապէս, որ անհամբեր ու անհանդարտ շարժումներով կը սպասէ աղջկան ժամանումը, որ ցոյց տայ անոր իրենց բնակարանը եւ նոյն ատեն կարդայ իր գրած ոտանաւորները: Կը ժամանէ հերոսուհին, բայց այս անգամ` նոր կերպարով. անոր քով անորոշ զգացում կը նկատուի. ան պատրաստ չէ ապրիլ բժիշկի հետ միասին, կարծես տեսողութիւնը վերականգնելէն ետք անոր կիրքը մարած է բժիշկին հանդէպ: Անոր սէրը երեւակայութեան մէջ կերտուած էր ու այնտեղ ալ` մնացած: Աղջիկը կը հեռանայ, բժիշկը կը տխրի, բայց շուտով ինքզինք կը մխիթարէ. ան կը սկսի յիշել իրենց սէրը, որ անոր թեւեր կու տայ թռչելու քաղաքին վրայ:

 

Լուրը ՝ «ԱԶԴԱԿ»ԷՆ