Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է ամերիկահայ հանրայայտ երաժիշտ եւ փողահար Սէմ Փիլաւեանը։
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է New York Times պարբերականը, նշելով, որ երաժիշտի մահուան լուրը ստացած է հանգուցեալի կնոջմէն ՝ Տիան Ճէզուրսքի-Փիլաւեանէն։
Պարբերականը նաեւ կը նշէ, որ հայազգի երաժիշտը մեծ աւանդ ունեցած է ամերիկեան «ճէզ» երաժշտութեան ոլորտին մէջ։
Ան նաեւ իր մասնակցութիւնը բերած է Empire brass խումբի հիմնադրման աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ կարեւոր գործակցութիւն ունեցած է ամերիկացի անուանի երաժիշտներ Ֆրէնք Վիկնոլային եւ Չարլզ Լուիսին հետ։
Սամ Փիլաւեան (69 տարեկան) կ՚ապրէր Ամերիկայի Թէմբա Արիզ շրջանին մէջ, ուր կարճատեւ հիւանդութեան պատճառով ալ կնքեց իր մահկանացուն։