image

Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ Ասատի եղբայրը՝ Ռիֆաաթ Ասատ պիտի դատուի

Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ Ասատի եղբայրը՝ Ռիֆաաթ Ասատ պիտի դատուի

Սուրիոյ նախկին նախագահի եղբայր Ռիֆաաթ Ասատ կրնայ դատարանի առջեւ կանգնիլ: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայանը:

Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Ռիֆաաթ Ասատ կը մեղադրուի Ֆրանսայի մէջ տնտեսական կասկածելի գործարքներ, ինչպէս նաեւ դրամալուացութեան գործեր կատարելու ծանր մեղադրանքներով:

Ըստ ֆրանսական աղբիւրներու, վերջին տարիներուն, Ռիֆաաթ Ասատ կարողացած է ապօրինի կերպով ստեղծել «կալուածներու արքայութիւն» մը, որ կը գնահատուի 90 միլիոն եւրօ գումարով:

Յիշեցնենք, որ իր եղբօր՝ Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ Ասատի հետ ունեցած քաղաքական տարակարծութիւններուն հետեւանքով, երկար տարիներ առաջ, Ռիֆաաթ Ասատ հեռացած էր Սուրիայէն եւ ան վերջին քսան տարիներուն հաստատուած է Ֆրանսայի մէջ: