image

«Անժէլ Քուրթեանի տետրակները»՝ Փարիզի մէջ

«Անժէլ Քուրթեանի տետրակները»՝ Փարիզի մէջ

Յու­նաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին վա­յե­լած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րէն ետք, հա­յազ­գի ծա­նօթ դե­րա­սա­նու­հի Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեան պի­տի ներ­կա­յաց­նէ «Ան­ժէլ ­Քուր­թեա­նի տետ­րակ­նե­րը» ­Փա­րի­զի մէջ՝ 24 Ապ­րիլի գի­շե­րը, յար­գե­լու հա­մար ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը։ ­Դե­րա­սա­նու­հիին պի­տի ըն­կե­րակ­ցի ­Նէա Զ­միռ­նիի փոխ-քա­ղա­քա­պետ պրն. ­Վա­կե­լի Խա­չա­տու­րեան:


Ներ­կա­յա­ցու­մը պի­տի կրկնո­ւի նաեւ յա­ջորդ օ­րը՝ 25 Ապ­րիլին։


«Ան­ժէլ ­Քուր­թեա­նի տետ­րակ­նե­րը» կը ներ­կա­յաց­նեն փոք­րիկն Ան­ժէ­լի եւ իր ըն­տա­նի­քի ո­դի­սա­կա­նը՝ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տի ար­հա­ւիր­քէն փրկո­ւե­լու հա­մար։


Տա­րի­ներ ա­ռաջ լոյս տե­սած գիր­քը, որ ի­րա­կան վկա­յու­թիւն մըն է ցե­ղաս­պան ­Թուր­քիոյ կա­տա­րած ոճ­րա­գոր­ծու­թեանց, դե­րա­սա­նաու­հի Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեա­նի կող­մէ վե­րա­ծո­ւե­ցաւ թա­տե­րա­կան մե­նա­խօ­սու­թեան եւ մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի եւ Յու­նաս­տա­նի զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րուն մէջ, ար­ժա­նա­նա­լով ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան հայ ու յոյն հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ, ինչ­պէս նաեւ՝ դրո­ւա­տա­կան գրա­խօ­սա­կան­նե­րու յու­նա­կան մամ­լոյ մէջ։ ­25 Ապ­րիլի ներ­կա­յա­ցումը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ տեղ­ւոյն ­«Հա­մազ­գա­յի­ն»ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մաս­նա­ճիւ­ղնե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ։