image

Ռուսահայ գործարարը նիւթական յատկացում պիտի տրամադրէ «Նոթր Տամ»ի վերանորոգման համար

Ռուսահայ գործարարը նիւթական յատկացում պիտի տրամադրէ «Նոթր Տամ»ի վերանորոգման համար

Ռուսաստանաբնակ հայազգի գործարար Անտրէյ Անտրեւը (Օհանջանեանց), որ համացանց-ծանօթութիւններու Badoo խոշորագոյն կայքի հիմնադիրն է, նիւթական օգնութիւն պիտի յատկացնէ Փարիզի Աստուածամօր տաճարի վերականգնման համար:

«Աստուածամօր տաճարին հասած սարսափելի դժբախտութեամբ պայմանաւորուած՝ ես զգալի նուիրաբերութիւն պիտի ընեմ անոր վերականգնման համար:Կը խոստանամ 100 տոկոսով փոխանցել Badoo-ի եկամուտը, որ կայքը պիտի ստանայ ապրիլին Ֆրանսայի 22 միլիոն օգտատէրերէն: Սիրտս Ֆրանսայի ժողովուրդին հետ է»,- գրած է գործարարը Instagram-ի իր էջին:

Անտրէյ Օհանջանեանցը ծնած է 1975 թուականին, Մոսկուայի մէջ: Կը հանդիսանայ առաւել յաջողակ համացանցային ձեռնարկատէրերէն մէկը: Գործարարի կարողութիւնը կը գնահատուի 500 միլիոն տոլար: