image
Հրատապ լուրեր:

Ամենազդեցիկ դէմքերը ըստ Times-ի

Ամենազդեցիկ դէմքերը ըստ Times-ի

Ամերիկեան Time հանդէսը 17 ապրիլին հրապարակած է 2019 թուականի 100 ամենաազդեցիկ մարդոց ցանկը, որ կազմելու համար յայտնի անձերը տեղաբաշխած են ըստ անուանակարգերու՝ առաջնորդներ, արուեստագէտներ, կերպարներ, նորեկներ եւ հսկաներ:

«Առաջնորդներ» անուանակարգին մէջ տեղ գտած են ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբը, Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն, դեմոկրատ քոնկրէսական Նենսի Փելոսին, Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը, Վենեզուելայի ընդդիմադիր առաջնորդ Խուան Կուաիտոն, Չինաստանի նախագահ Սի Ցզինփինը եւ ուրիշներ:

«Արուեստագէտներ» անուանակարգին մէջ ներկայացուած են դերասաններ Տուէյն Ճոնսընը, Ռամի Մալէքը, Մահերշալա Ալին, Էմիլիա Քլարքը, Ռեժինա Քինկը, Եալիցա Ափարիսիոն եւ այլ յայտնիներ: Երաժիշտներէն աչքի իրկած են Արիանա Կրանտէն, Խալիտը եւ քորէական BTS փոփ-խումբը:

«Կերպարներ» բաժնին մէջ յայտնուած են երգչուհիներ Թեյլըր Սուիֆթը, Լէյտի Կական, ԱՄՆ նախկին առաջին տիկին Միշէլ Օպաման, բեմադրիչ Սփայք Լին եւ ուրիշներ:

«Նորեկներ» բաժինը համալրած են գանատացի դերասանուհի Սանտրա Օհը, ճամայքացի գրող Մառլոն Ճեյմսը, խոհարար Մասիմօ Պոթուրան, ճաթոնցի թենիսիթուհի Նաոմի Օսաքան եւ այլք:

Եւ վերջապէս «Հսկաներ» բաժնին մէջ ամսագրի խմբագրակազմը ընդգրկած է եգիպտացի ֆութպոլիսթ Մոհամմատ Սալահը, պասքեթպոլիսթ Լեպրոն Ճեյմսը, Մարք Ցուքըրպըրկը, կոլֆի վարպետ Թայկըր Ուուտսին, ԱՄՆ Դաշնային հետախուզական համակարգի նախագահ Ճերոմ Փաուելին եւ ուրիշներ:

Time-ը «100 ամենաազդեցիկ մարցոց» ցանկը առաջին անգամ հրապարակած է 1999-ին: Ցանկին մէջ կը ներառուին մարդիկ, որոնք առաւելագոյն ազդեցութիւն կ'ունենան աշխարհի մէջ տիրող իրավիճակներուն վրայ: