image

Լիբանան. Դեսպան Աթաբեկեան այցելած է Զահլէ

Լիբանան. Դեսպան Աթաբեկեան այցելած է Զահլէ

18 Ապրիլին դեսպան Վահագն Աթաբեկեանը այցելած է Լիբանանի ձեռնարկատիրական գործունէութեամբ յայտնի Զահլէ քաղաք:

Այցի շրջանակէն ներս տեղի ունեցած է հանդիպում Զահլէի առեւտրատնտեսական պալատի նախագահի եւ քանի մը տասնեակ գործարարներու հետ, քննարկուած են ՀՀ-ի մէջ համապատասխան ներդրումային ծրագրեր իրականացնելու հեռանկարները:

Այցի շրջանակէն ներս ՀՀ դեսպանը հանդիպում ունեցած է Զահլէի քաղաքապետի հետ, որ ամփոփ ներկայացուցած է քաղաքի ենթակառուցուածքներու եւ ձեռքբերումներու վերաբերեալ ընդհանուր տեղեկատւութիւն եւ բարձր գնահատած է հայ համայնքի դերը քաղաքի զարգացման գործին մէջ:

Զահլէի մէջ դեսպան Աթաբեկեանը այցեալած է նաեւ հայ առաքելական եւ հայ կաթոլիկ եկեղեցիներ, ինչպէս նաեւ՝ հանդիպում ունեցած է հայ համայնքին հետ: