image

Հայ ժողովուրդի բարեկամ Ատէմ Շիֆ Լոս Անճելոսի մէջ յարգած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը

Հայ ժողովուրդի բարեկամ Ատէմ Շիֆ Լոս Անճելոսի մէջ յարգած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը

Քոնկրէսական Ատամ Շիֆ ԱՄՆ-ի մէջ հայկական կազմակերպութիւններէն մի քանիին անդամներուն հետ ներկայ եղած է Պըրպէնքի քաղաքային խորհուրդին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութեան:

Ինչպէս կը յայտնէ Asbarez-ը, արարողութիւնը առաջնորդած են քաղաքապետ Էմիլի Կապէլ Լատին եւ քաղաքային խորհուրդի անդամները: Ներկաներու շարքին եղած են սենաթոր Էնթոնի Փորթանթինօն, Քալիֆորնիոյ խորհուրդի անդամ Լոռա Ֆրիտմընը, Լոս Անճելոսի շրջանային կառավարիչ Քեթրին Պարկըրը, ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախմբի Պըրպէնքի մասնաճիւղի ներկայացուցիչները:

«Բարոյականութեան տեսանկիւնէ շատ կարեւոր է ըսել ճշմարտութիւնը, քանի որ ցեղասպանութիւնը, ցաւօք, ոչ թէ անցեալին, այլ ներկային առնչութիւն ունեցող բան է: Այսօր մենք միացած ենք մեր հայազգի քոյր-եղբայրներուն, մայրերուն եւ հայրերուն՝ յայտարարելով, որ կը ճանչնանք Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի ապագային նման բան չկրկնուի»,-ըսած է Շիֆը:

Աւելի ուշ երեկոյեան վառող մոմերով արարողութիւն իրականացուած է Պըրպընքի քաղաքապետարանի առջեւ: