image

Ցեղասպանութեան ոգեկոչում Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր մարմինին մէջ

Ցեղասպանութեան ոգեկոչում Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր մարմինին մէջ

Երկուշաբթի, 22 Ապրիլին, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցը, ինչպէս նաեւ յայտարարուեցան Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինի Հայկական համախմբումին կազմակերպած տարեկան 5րդ շարադրական եւ գեղարուեստի մրցումներուն արդիւնքները։

«Այսօր կը յարգենք Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերուն յիշատակը, նոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով մեր ազգի բարգաւաճման ջանքերուն մէջ հայ համայնքին բերած ներդրումներուն համար», յայտարարեց նահանգային ծերակուտական Սքաթ Ուիլք:

«Այսօր կը յիշենք եւ մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած 1.5 միլիոն հայերուն, նոյն ատեն տօնելով մեր համայնքին ցուցաբերած տոկունութիւնը եւ հզօրութիւնը», իր կարգին ըսաւ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան։

«Ապրիլ 24ը մութ էջ մըն է համաշխարհային պատմութեան մէջ։ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն պատմութիւնները պէտք է պատմուին», շեշտեց նահանգային Ծերակոյտի անդամ  Էնթընի Փորթանթինօ։

Այնուհետեւ յայտարարուեցան մրցումներուն արդիւնքները։

Շարադրական մրցումին առաջին երեք դիրքերը գրաւեցին յաջորդաբար՝ Ճանըթըն Էփըրթ (Չուլա Վիսթայէն), Փեթրիք Խուրի (Վաքավիլէն) եւ Մանուէլ Անտրէյ Թեն (Վաքավիլէն)։

Գեղարուեստի մրցումին առաջին երեք դիրքերը գրաւեցին յաջորդաբար՝ Ճօէն Ուօ (Սան Հոզէէն), Թենի Մալեքեան (Շըրմըն Օքսէն) եւ Անայտա Յարութիւնեան (Կլենտէյլէն)։

Առաջին հանդիսացողները ստացան 1000ական տոլար, իսկ երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացողները յաջորդաբար՝ 500ական եւ 300ական տոլար։