image

Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած ջահերով երթ՝ Երուսաղէմի մէջ (Լուսանկարներ)

Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած ջահերով երթ՝ Երուսաղէմի մէջ (Լուսանկարներ)

23 Ապրիլին Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին նուիրուած ջահերով երթ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայ Երուսաղէմն այսօր» ֆէյսպուքեան էջը, երթը սկսած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանէն եւ շարժած դէպի նոր Երուսաղէմի մէջ գտնուող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր տեղի ունեցած է «Բարեխօսութեան կարգ» աղօթքը:

Յետոյ երթը շարունակուած է դէպի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան, որուն դիմաց տեղի ունեցած է մոմավառութիւն: