image

Աշխարհը ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան. հարիւրաւոր միջոցառումներ՝ մէկ պահանջ (Լուսանկարներ)

Աշխարհը ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան. հարիւրաւոր միջոցառումներ՝ մէկ պահանջ (Լուսանկարներ)

Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցի կապակցութեամբ 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւններ կ'իրականացուին աշխարհով մէկ՝ Եւրոպայէն մինչեւ ԱՄՆ, Լատինական Ամերիկա, Գանատա եւ Աւստրալիա, կը գրէ rusarminfo.ru-ն:

23 Ապրիլին, Հոլանտայի մէջ՝ Հաագայի կեդրոնական հրապարակին վրայ, կայացած է տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ ամենամեայ ցոյցը, որուն շրջագիծէն ներս մասնակիցները Թուրքիայէն պահանջած են ճանչնալ 20-րդ դարու սկիզբը հայերու դէմ կատարուած ոճրագործութիւնը:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի ապրիլ 24-ը հռչակած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ազգային օր, ինչի կապակցութեամբ թեմատիկ միջոցառումներ կ'իրականացուին Լիոնի, Մարսէյլի եւ այլ քաղաքներու մէջ: Մինչդեռ մայրաքաղաք Փարիզի մէջ «Յիշողութիւն եւ արդարութիւն» կարգախօսով բազմահազարանոց երթ կ'իրականացուի, որուն կը մասնակցի նաեւ երկրի վարչապետ Էտուար Ֆիլիփը:

Image result for paris genocide demonstration

 

Զանգուածային ցոյցեր կ'իրականացուին Եւրոպայի գրեթէ բոլոր անկիւններուն մէջ՝ Իտալիոյ, Սպանիոյ, Գերմանիոյ, Պելճիքայի, Շուէտի, Յունաստանի, Կիպրոսի, Մալթայի, Պուլկարիոյ եւ այլ երկիրներու քաղաքներու մէջ:

Այս առումով բացառութիւն չի կազմեր նաեւ Միացեալ Նահանգները: Ապրիլ 24-ին Լոս Անճելոսի մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ բազմահազարանոց երթ կ'իրականացուի՝ աւարտելով Թուրքիոյ հիւպատոսարանի շէնքի մօտ:

 

Image result for los angeles justice march

 

Նիւ Եորքի գլխաւոր հրապարակին՝ Թայմս սքուէրի վրայ, 28 ապրիլին ցոյց պիտի իրականացուի. նախատեսուած է, որ անոր հազարաւոր մարդիկ մասնակցին: Անոնք 20-րդ դարու մարդկութեան դէմ իրագործուած առաջին ոճրագործութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու կոչով պիտի դիմեն ամերիկեան իշխանութիւններուն:

 

Image result for times square armenian genocide demonstration

 

Այս օրերուն խոշոր միջոցառումներ ծրագրուած եւ նաեւ Պոսթըն քաղաքի, Մասաչուսեթս, Նեւարա, Ռոտ Այլընտ, Նիւ Ճըրզի եւ այլ նահանգներու մէջ:

Զոհերու յիշատակի արարողութիւններուն միացած են նաեւ գանատական քաղաքները՝ Օթթաուայէն մինչեւ Մոնրէալ, ուր ապրիլ 24-ը հռչակուած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր:

 

 Image result for canada armenian genocide demonstration

 

Աւստրալական Սիտնիի մէջ ապրիլ 24-ին կը կայանայ թեմատիկ միջոցառում, որու  շրջանակէն ներս ելոյթ կ'ունենայ Աւստրալիոյ խոշորագոյն Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի նահանգապետ Կլետիս Պէրէճիքլեանը:

 

Image result for australia armenian genocide demonstration