image

Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին նուիրուած քայլարշաւ՝ Հալէպի մէջ (Լուսանկարներ)

Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին նուիրուած քայլարշաւ՝ Հալէպի մէջ (Լուսանկարներ)

Հալէպի մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին նուիրուած քայլարշաւ։

Հալէպի «Գանձասար» թերթի ֆէյսպուքեան էջէն կը տեղեկանանք, որ պայքարի եւ պահանջատիրութեան կարգախօսներով քայլարշաւը սկիզբ առած է ԱՄԺ Տունէն եւ հասած է մինչեւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, ուր Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշակոթողին մօտ դրուած են ծաղիկներ։ 

Քայլարշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերած են ՍՕԽ-ի, Համազգայինի,ՍԵՄ-ի, Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան հարիւրաւոր անդամները, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու փողերախումբը։

Ծաղկեպսակներ զետեղած են Հալէպի հայ երեք համայնքապետները, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը, հիւպատոսութեան Հալէպի մարդասիրական առաքելութեան ներկայացուցիչը, Սուրիոյ խորհրդարանի Հալէպի երեսփոխաններ, Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչներ, վերոնշեալ հայկական միութիւններու, Հալէպի «Պաաս» եւ «Ազգային» արաբական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, Հալէպի նահանգապետարանի ներկայացուցիչը, Սուրիոյ Ոսկերիչներու Մութեան, Հայ Երիտասարդաց Միութեան եւ այլ միութիւններու ներկայացուցիչներ։