image

Իսրայէլ. Խորհրդարանի անդամներ կը պահանջեն Ցեղասպանութեան ճանաչումը

Իսրայէլ. Խորհրդարանի անդամներ կը պահանջեն Ցեղասպանութեան ճանաչումը

Քնեսէթի անդամները կոչ ըրած են Իսրայէլին ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը ոգեկոչման օրը՝ ապրիլի 24-ին: Այս մասին կը հաղորդէ The Jerusalem Post-ը:

«Ժամանակը եկած է, որ Իսրայէլը պաշտօնապէս ճանչնայ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը եւ վերջ դնէ թրքական ճնշումներուն ենթարկուելուն», - ըսած է ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Եաիր Լափիտը:

«Մենք բարոյական եւ պատմական պատասխանատւութիւն ունինք յիշելու ցեղասպանութիւնը եւ առաջնորդուելու «այլեւս երբեք» կարգախօսով: Սա ճիշդ է ցանկացած երկրի համար», - աւելցուցած է ան Twitter-ի իր էջին:

Ան նաեւ յայտնած է, որ մտադիր է կրկին առաջադրել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւը եւ յոյս յայտնած, որ դաշինքը կ'աջակցի իրեն: 

«Մերեց» կուսակցութեան անդամ Մոսսի Ռազը թուիթըրեան իր էջին գրած է. «Այսօր մենք կը նշենք հայ ժողովուրդի հոլոքոսթը: Անոնց մէկ երրորդը կոտորուած է թուրքերու ձեռքով: Ժամանակը եկած է Իսրայէլի համար պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը»: