image

Կարօ Փայլան ապրիլ 24-ի առթիւ առաջարկ ներկայացուցած է մէճլիս

Կարօ Փայլան ապրիլ 24-ի առթիւ առաջարկ ներկայացուցած է մէճլիս

Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարան ներկայացուցած է նախագիծ մը, որով կ՝առաջարկուի՝ ուսումնասիրել 1915-ի Ապրիլ 24-ին կալանաւորուած եւ յետոյ սպաննուած հայ մտաւորականներուն ճակատագիրը, պարզել անոնց աճիւններուն գտնուելու վայրը՝ յաւուր պատշաճի յուղարկաւորելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Փայլանի ներկայացուցած առաջարկին մէջ նշուած է. «Մեր խորհրդարանը Օսմանեան եւ հայ ժողովուրդի լուսաւորութեան համար պայքարած, կրթական կառոյցները կանգուն պահած, գրող, ստեղծագործող եւ այս հողերուն վրայ սպաննուած մտաւորականներուն իրաւունքը պէտք է ներկայացնէ եւ անոնց յիշատակը վառ պահէ»:

Նշելով, որ հայերը 104 տարի է արդարութեան կը սպասեն, Փայլան ընդգծած է. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը աշխարհի տասնեակ երկիրներու խորհրդարանի հարցը դարձած է, սակայն Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովէն ներս ընդհանրապէս չէ քննարկուած: Մինչդեռ հայ ժողովուրդի մեծագոյն ողբերգութիւնը պէտք է քննարկուի նոյն ա՛յն խորհրդարանին մէջ, որուն երկրին մէջ տեղի ունեցած է այդ ողբերգութիւնը:

Աշխարհի բոլոր կողմերը սփռուած Թուրքիոյ հայերը 104 տարի է արդարութեան կը սպասեն: Այդ արդարութիւնը, սակայն, հնարաւոր է հաստատել միայն Թուրքիոյ մէջ ապրող ժողովուրդներու հոգիին եւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ»: