image

Հալէպ. Արեան տուչութեան արշաւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 104 ամեակին առթիւ

Հալէպ. Արեան տուչութեան արշաւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 104 ամեակին առթիւ

Հալէպի մէջ, 24 ապրիլ 2019-ին, ցեղասպանութեան 104 ամեակի ոգեկոչման միջոցառումներու ծիրէն ներս, տեղի ունեցած է նաեւ արեան տուչութիւն: 

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքին զետեղուած Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբոց Նահատակաց յուշարձանին առջեւ ծաղկեմատոյցէն ետք, եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս տեղի ունեցած է ՀԵՄ-ի կազամակերպած «Արիւնս Հայրենիքիս» խորագիրով արեան տուչութիւնը:

104 հայորդիներ, Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին առիթով իրենց արիւնը նուիրաբերած են Սուրիոյ ժողովուրդին՝ առ ի երախտագիտութիւն եւ յարգանք հայ եւ սուրիացի նահատակներուն։