image
Հրատապ լուրեր:

Մուսալեռ–Այնճար hայաւանը կը բոլորէ հիմնադրութեան 80-ամեակը

Մուսալեռ–Այնճար hայաւանը կը բոլորէ հիմնադրութեան 80-ամեակը

Մուսալեռ–Այնճար հայաւանը այս տարի կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 80-ամեակը: Հայաւանի հիմնադրութեան 80-ամեակի յոբելինական մարմինը ներկայացնելով սոյն առիթը նշող տարբեր ձեռնարկներու իր ժամանակացոյցը, կոչ կ’ուղղէ գօտեպնդուելու յոբելինական տարուան խորհուրդով, մասնաւորաբար՝ վերանորոգելով Մուսա լեռ-Այնճարի բարգաւաճման եւ անոր հայեցի դիմագիծի ամրապնդման մեր հաւաքական յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ մնալով Մուսա լերան հերոսամարտի արժէքներուն ու անոր աւանդներուն: Համոզուած ենք, որ յոբելինական տարին առիթ կը հանդիսանայ վերարժեւորելու հայաւանի դերը մեր համախումբ կեանքի եւ պայքարի երթին մէջ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Մուսա լեռ–Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի ձեռնարկներու ժամանակացոյցը:

Ա. Կիրակի , 28 Յուլիս, 2019-ին ,Պաշտօնական Բացում՝ «Մուսա լերան հրաժեշտի օրը եւ Վարդավառ» Կազմակերպութեամբ՝ «Ս. Պօղոս» Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին

Բ.- Ուրբաթ , 2 Օգոստոս 2019-ին, Մարզմշակութային Փառատօն

Կազմակերպութեամբ՝ Այնճարի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի վարչութեան

Գ.-Կիրակի, 18 Օգոստոս 2019-ին, Աստուածածնայ Վերափոխման Տօն

Կազմակերպութեամբ՝ ԱյնճարիՀայ կաթողիկէ համայնքին

Դ- Շաբաթ , 24 Օգոստոս 2019-ին, Մուսալերան ու Այնճարի Նուիրուած եւ Բարբառով Երգերու Երգարանի Գինեձօն

Կազմակերպութեամբ՝ Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին

Ե.- Կիրակի , 1 Սեպտեմբեր, 2019-ին , ժամացոյցի Բացում

կազմակերպութեամբ՝ Այնճարի Հայ Աւետ. Համայնքին

Զ.- Շաբաթ , 7 Սեպտեմբեր, 2019-ին ,

«Ս. Պօղոս» Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան 60-ամեակի Տօնակատարութիւն

Կազմակերպութեամբ «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին

Է.-Հինգշաբթի, Ուրբաթ եւ Շաբաթ , 12,13, 14 Սեպտեմբեր 2019-ին, Նկարչական Ցուցահանդէս

Կազմակերպութեամբ ՝ Համզագայինի « Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղին

Ը.- Ուրբաթ , 13 Սեպտեմբեր 2019-ին, Աւանդական « Տոհմիկ Երեկոյ»

Կազմակերպութեամբ ՝Լ.Օ.Խ.-ի « Աղթամար» Մասնաճիւղին

Թ.- Շաբաթ, 14 Սեպտեմբեր, 2019-ին, Մուսա Լեռ –Այնճարի Ազգագրական Թանգարանի Բացում

Ժ.- Շաբաթ , 14 Սեպտեմբեր, 2019-ին ,Եզրափակիչ Հանդիսութիւն

Մուսա լերան Հերոսամարտի 104 ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի առիթներով

Ժա.- Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր, 2019-ին,Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք

ի յիշատակ Մուսա լերան հերոսամարտի 18 նահատակներուն

6 Մայիս 2019

Այնճարի հիմնադրութեան

80-ամեակի Յոբելինական մարմին