image

Թրքական Լիրան դարձեալ ճգնաժամի սեմին

Թրքական Լիրան դարձեալ ճգնաժամի սեմին

Թուրքիոյ կառավարութիւնը մտադիր է ընդունիլ շարք մը տնտեսական օրէնքներ յունիսին Պոլսոյ քաղաքապետի կրկնակի ընտրութիւններուն ընդառաջ, կը տեղեկացնէ Hurriyet թերթը։ Անոնց շարքին է Կեդրոնական դրամատան օրինական պահուստներու յանձնումը գանձապետարանին։

Աւելի վաղ Reuters-ը տեղեկացուցած էր, որ Թուրքիոյ ելեւմուտի նախարարութիւնը կը մշակէ օրինագիծ 40 միլիառ լիրա (6,6 միլիառ տոլար) Կեդրոնական դրամատունէն կառավարութեան պիւտճէ փոխանցելու մասին, ինչը փորձ է՝ երկիրը դուրս բերելու ընկրկումէ եւ օգնելու արժեզրկուող լիրային:

Անցած շաբաթ աղբիւրները տեղեկացուցած էին Reuters գործակալութեան, որ թրքական պետական դրամատունը վաճառեր են մօտ 4,5 միլիառ տոլար, որպէսզի փոխհատուցեն լիրայի՝ Պոլսոյ քաղաքապետի կրկնակի ընտրութիւններու որոշմամբ առաջ եկած կորուստները։

Hurriyet-ը կը գրէ, որ չորս օրէնսդրական առաջարկութիւն պիտի ներկայացուի խորհրդարան։ Թերթը կը պնդէ, որ խորհրդարանը պիտի ընդունի այդ առաջարկութիւնները, յետոյ ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնէ 23 յունիսին Պոսլոյ մէջ կրկնակի ընտրութիւններուն վրայ։

Վերջին երկու ամիսներուն լիրայի վրայ դարձեալ ճնշում գործադրուած է, մասամբ ներդրողներու անհանգստութեան պատճառով, որ Կեդրոնական դրամատան պահուստները կը սպառին եւ անորոշութիւն կայ Պոլսոյ մէջ ընտրութիւններու հետ կապուած։