image

էրտողան սուր տարակարծութիւններ ունի երկրի ձեռներէց շրջանակներուն հետ

էրտողան սուր տարակարծութիւններ ունի երկրի ձեռներէց շրջանակներուն հետ

Թուրքիոյ ձեռներէցներու եւ երկրի նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւնը նոր մակարդակի հասած է այն բանէն ետք, երբ ան քննադատած է Թրքական արդիւնաբերութեան եւ պիզնեսի միութեան ու երկրի ամենահարուստ մարդոցմէ մէկուն՝ Թունճայ Օզիլհանին, կը փոխանցէ Bloomberg-ը: 

«Թուրքիոյ մէջ ինչպիսին էր բնակչութեան մէկ շունչին ինկնող եկամուտը 17 տարի առաջ, եւ ինչպիսին է հիմա»,- յայտարարած է Էրտողանը: «Դուն տնտեսապէս ի՞նչ մակարդակի էիր այն ժամանակ եւ ո՞ւր ես հիմա,- հարցուցած է ան՝ դիմելով Օզիլհանին: - Այդ ժամանակէն սկսած որքանո՞վ աճած է ձեր ընկերութիւնը եւ որքա՞ն ուժեղ դարձած են ձեր ընկերները: Դուք սա ոչ մէկ անգամ չէք գնահատա՞ծ»:

Նախագահի յայտարարութեան հետեւած է Օզիլհանի կողմէ երկրի տնտեսական քաղաքականութեան խիստ քննադատութիւն: Anadolu Group-ի 71-ամեայ ղեկավարը յայտարարած էր, որ Թուրքիան կա՛մ կը հետեւի ժողովրդավարութեան համընդհանուր սկզբունքներուն, կա՛մ «կը դառնայ ինչ-որ ուրիշ բան»:

 Օզլիհանը նաեւ յայտարարած էր, որ ազգը պէտք է «յաղթահարէ իր կառավարման համակարգի խնդիրները». գործադիր իշխանութեան նախագահական համակարգի նրբօրէն քողարկուած քննադատութիւն, որ իշխանութիւնը կը կեդրոնացնէ Էրտողանի ձեռքը:

«Ես գիտեմ, թէ ձեր գործերը ինչպիսին էին 17 տարի առաջ, եւ ինչպիսին են հիմա,- պատասխանած է Էրտողանը: - Անհրաժեշտութեան պարագային կրնամ հրապարակայնացնել (այդ տեղեկութիւնը): Ես գիտեմ ինչպէս պատասխանատւութեան ենթարկել անոնց, որոնք ներսէն Թուրքիոյ կը հարուածեն»:

Նշենք, որ Օզլիհանը Թուրքիոյ մէջ 94-րդ ամենահարուստ մարդն է: