image

Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենան Շարլ Ազնաւուրի 95-ամեակին նուիրուած միջոցառումներ

Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենան Շարլ Ազնաւուրի 95-ամեակին նուիրուած միջոցառումներ

Վաղը՝ 22 Մայիսին կը լրանայ «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր,  աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի 95-ամեակը։ Մեծանուն արուեստագէտի ծննդեան տարեդարձին ընդառաջ եւ ամբողջ տարուան ընթացքին աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ անոր արուեստը նշանաւորող միջոցառումներ պիտի կազմակերպուին ՝ ցուցահանդէսներ, համերգներ, յուշարձաններու բացում, հանրային վայրերու, հաստատութիւններու անվանակոչութիւն, կը յայտնեն «Ազնաւուր» հիմնադրամէն։

Մեծ արուեստագէտի 95-ամեակի առթիւ Փարիզի քաղաքապետարանը, համագործակցելով «Ազնաւուր» հիմնադրամի հետ, Ազնաւուրի ծննդեան օրուան նախօրէին՝ 21 մայիսին, Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ կը կազմակերպէ շարք մը միջոցառումներ։

Ազնաւուր ընտանիքի փարիզեան առաջին բնակարանի հասցէին վրայ պիտի բացուի յուշատախտակ՝ Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի, քաղաքային իշխանութիւններու, նշանաւոր անձանց եւ, ի հարկէ, Ազնաւուր ընտանիքի անդամներու ներկայութեամբ։ Յուշատախտակը պիտի տեղադրուի Փարիզի 6-րդ շրջանի Մսիօ լը Փրենս 36 հասցէին վրայ, ուր Փարիզ ժամանելէ ետք բնակութիւն հաստատած է Ազնաւուրեաններու ընտանիքը, եւ ուր անցած է Շարլ Ազնաւուրի մանկութիւնը։

Տօնակատարութիւնը համերգային ձեւաչափով պիտի շարունակուի Փարիզի քաղաքապետարանին յարող հրապարակին մէջ, ուր Փարիզի ժամանակով ժամը 17:00-էն պիտի սկսվի համերգ՝ նուիրուած Ազնաւուրի տարեդարձին։ Համերգին ելոյթներով հանդէս պիտի գան Փարիզի քաղաքային երգչախումբը, Անտրէ Մանուկեանը, Ժոանա Մենտիլը, Եսայի Ալթունեանը, Ազնաւուրին նուագակցած դաշնակահար Էրիք Պերշօն եւ այլ երաժիշտներ։