image
Հրատապ լուրեր:

«Իմ դպրոցս խանութ չէ». Դպրոցի տնօրէնը փորձած է ինքզինք հրկիզել (Լուսանկար)

«Իմ դպրոցս խանութ չէ». Դպրոցի տնօրէնը փորձած է ինքզինք հրկիզել (Լուսանկար)

Լիբանանի մէջ, Ալ-Իթթիհատ Ալ-Թարպաուի («Կրթութեան միութիւն») դպրոցի տնօրէնուհի Հանան Քըրպաճ, որպէս բողոք, փորձած է ինքզինք հրկիզել կրթութեան նախարարութեան շէնքին առջեւ: Այս մասին կը հաղորդէ Lebanon debate կայքը։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ տնօրէնուհիին բողոքի պատճառը կրթութեան նախարար Աքրամ Շըհայպի  վարմունքն է, որ  մերժած է իր դպրոցի աշակերտներուն պետական քննութիւնները յանձնելու քարտերը յանձնել:

 Աղբիւրին  համաձայն, Քըրպաճ վարելանիւթ (պենզին) թափած է հագուստներուն ու դէմքին վրայ եւ փորձած է ինքզինք   հրկիզել, սակայն ցոյցի մասնակցող ծնողներն ու աշակերտները կանխած են անոր արարքը։

Քաղաքացիական պաշտպանութեան միաւորներ Քըրպաճը տեղափոխած են հիւանդանոց, որովհետեւ դէմքին թափած պենզինը արեւի ենթարկուելու պատճառով վնասուածքներ պատճառած էր: